2012-12-21 11:18:58

Երուսաղէմի Լատին Պատրիարք` Գերերջանիկ ֆուատ Թուալի Ծննդեան Պատգամը։


Հինգշաբթի 20 դեկտեմբերին` Երուսաղէմի Լատիններու ֆուատ Թուալ Պատրաիրքը մամուլին ներկայացուց Սուրբ Ծննդեան առթիւ յղած իր պատգամը։ ''Ամավերջի առթիւ - յայտնեց Պատրիարքը - պէտք է ընդունիմ որ 2012-ի հաշուեկշիռը մեզ տատամսումի մէջ կը թողու։ Դրական ու նուազ դրական իրադարձութիւններու ականատես եղանք։ Դրական իրադարձութիւններու շարքին Լատիններու Պատրիարքը կը նշէ Սուրբ Երկրի մէջ Քրիստոնեաներու միասնականութեան արտայայտումը զանազան առիթներով, Համայն Ռուսիոյ Շիրիլ Պատրիարքի Սուրբ երկիր կատարած այցելութիւնը, Թաուատրոս Բ քահանայապետի ձեռնադրութիւնն ու թագադրութիւնը եւ Սուրբ Երկրի եպիսկոպոսներուն այն որոշումը` 2013-ի Զատիկը տօնելու Յուլիանոսի օրացոյցի համաձայն, այսինքն արեւելեան եկեղեցիներու հետ միասին։
Իսկ նուազ դրական իրադարձութիւններուն շարքին Թուալ Պատրիարքը կը մատնանշէ Կազզայի հարցին ուր ''բռնագրաւումը անմարդկային դարձուացած է մէկ միլիոն 6 հարիւր հազար մարդոց առօրեայ կաենքը, Իսրայելի դէմ թշնամութեան զգացումներ յառաջացնելով'' ։ Պատրիքրը կ՛անդրադառնայ նաեւ կրօնական արմատականութեան մասին որ ''վտանգի կ՛ենթարկէ երկխօսութիւնը եւ կրօններու միջեւ համակեցութիւնը'', ու խոր ցաւ կը յայտնէ մզկիթներու եւ եկեղեցիներու դէմ գործուած սրբապղծութիւններուն ի տես։ Պատրիարքին գնահատանքով չարը արմատախիլ ընելու համար դպրոցական դաստիարակութիւնը անհրաժեշտ մէկ երեւոյթ մըն է։ Լատիններու Պատրիարքը ապա կ՛անդրադառնայ Սուրիոյ արիւնալի վիճակին ու կը մաղթէ որ Յորդանանը կարենայ ապահովել ու յարատեւել ապրուած դժուար հաւասարակխռութեամբ։
Իր պատգամին մէջ ֆուատ Թուալ Պատրիարքը կ՛ակնարկէ նաեւ Մակի քուէրակումին որ Պաղեստինը ճանչցաւ որպէս ոչ անդամ դէտ Պետութիւն, ու այս քայլը կ՛որակէ ''դէպի խաղաղութիւն ու շրջանի կայունութեան առաջնորդող առաջին քայլ''։
Թուալ Պատրիարքը հուսկ կը քաջալերէ հաւատացեալները լրջօրէն ապրելու Հաւատքի Տարին բոլորին յիշեցնելով որ ''երուսաղէմի առաջին հասարակութիւնը ծառայելելու է որպէս տիպար ներկայ քրիստոնեայ հասարակութեան նորոգումին ու անոր վերադարձին իսկական արմատներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.